image

500 միլիոն տոլար յատկացումէն ետք նախագահ Աուն շնորհակալութիւն կը յայտնէ Թամիմ իշխանին

500 միլիոն տոլար յատկացումէն ետք նախագահ Աուն շնորհակալութիւն կը յայտնէ Թամիմ իշխանին

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն հեռախօսայի կապ մը ունեցած է Քաթարի իշխան Թամիմին հետ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է Քաթարի իշխանին՝ Լիբանան կարճ այցելութեան եւ արաբական համաժողովի բացման հանդիսութեան ներկայութեան համար :

Յիշեցնենք, որ Քաթարի իշխանը վերջին պահուն Լիբանան այցելած էր, մասնակցելու համար այդ ժողովին, ինչպէս նաեւ կատարած էր հինգ միլիոն տոլարի նիւթական յատկացում, առ ի օգնութիւն սուրիացի փախստականներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կարեւոր պէտքերը հոգալու համար հաստատուած նոր սնտուկին: