Երկու ամսուան բացակայութենէ մը ետք, «Հըզպալլա»ի առաջին քարտուղար Սայիտ Հասան Նասրալլա ելոյթ մը պիտի ունենայ արաբական «Ալ-Մայատին» կայանէն: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը, նշելով, որ Նասրալլայի ելոյթը տեղի պիտի ունենայ անոր բացակայութեան վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ դրուած ըսի-ըսաւներէն եւ թիւր խօսակցութիւններէն ետք:
Յիշեցնենք, որ իսրայէլացի մէկէ աւելի պաշտօնատարներ յայտարարութիւններ կատարած էին, նշելով, որ Նասրալլա հիւանդ է եւ ան նոյնիսկ սրտի կաթուած անցուցած է, այդ պատճառով ալ հեռու կը մնայ կապոյտ պաստառներէն: