image

Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը կը քննադատէ ժողովրդային դժգոհութիւնները

Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը կը քննադատէ ժողովրդային դժգոհութիւնները

Սուրիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Համմուտէ Սապպաղ ելոյթ մը ունեցած է երկրի խորհրդարանին առջեւ: Ան անդրադարձած է յատկապէս վերջին շրջանին համացանցի վրայ Սուրիոյ կառավարութեան դէմ ուղղուած քննադատութիւններուն:

Սապպաղ նշած է, որ այս քննադատութիւնները կը կառավարուին դուրսէն եւ անոնց ետին կը կանգնին Սուրիոյ թշնամի եղող կողմերը:

Ան նաեւ կոչ ուղղած է ժողովուրդին՝ ըլլալ համբեատար եւ սպասել Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ նախատեսուած կառուցողական քայլերուն:

Յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին, յատկապէս Ֆէյսպուքի եւ ընկերային այլ ցանցերու վրայ, սուրիացի հարիւրաւոր օգտատէրեր ծանր քննադատութիւններ կ'ուղղեն Դամասկոսի կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան, յիշեցնելով, որ երկիրը կը տառապի տնտեսական ամենակարեւոր պէտքերու սուր պակասէ, ինչպիսին է՝ վարելանիւթը, երեխաներու համար նախատեսուած կաթը, ինչպէս նաեւ տնային օգտագործման կազը: