image

Ֆրանսա պիտի շարունակէ իր զօրքերը պահել Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ

Ֆրանսա պիտի շարունակէ իր զօրքերը պահել Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ իր արտասանած խօսքի ընթացքին անդրադարձած է Միջին Արեւելքի մէջ գրանցուող զարգացումներուն:

Մաքրոն նշած է, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Ան նաեւ նշած է, որ իրենց գլխաւոր նպատակն էր պատերազմիլ «Տահէշ»ին դէմ եւ այդ նպատակը կը շարունակուի եւ իրենք հետամուտ են ամէն գնով պատերազմիլ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական խմբաւորման դէմ: