image

Ի hեճուկս Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստան յաւելեալ ուժեր կ'ուղարկէ դէպի Սուրիա

Ի hեճուկս Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստան յաւելեալ ուժեր կ'ուղարկէ դէպի Սուրիա

Ռուսաստան բանակային ստորաբաժանումներ կ'ուղարկէ դէպի Սուրիա: Այս մասին տեղեկութիւնը կը յայտնէ «Sputnik» ծառայութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ մասնաւորապէս անցնող շաբաթներուն, աւելի քան 3 ռուսական ջոկատներ հասած են Սուրիա եւ անոնք պարտականութեան պիտի կոչուին յատկապէս այն կէտերուն մէջ, որոնք հիմնուած են վերահսկելու համար ընդհանուր ապահովական իրավիճակն ու առկայ հրադադարին համաձայնութիւնները:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ վերջին շրջանին Սուրիա հասած աւելի քան երեք դասակներ տարածուած են յատկապէս Իտլիպի եւ Սուրիոյ իշխանութեան տիրապետութեան տակ եղող  շրջաններուն մէջ, ապահովելու համար այդ շրջաններու անվտանգութիւնը:

Ըստ ռուսական ծառայութեան, այս քայլերը տեղի կ'ունենան այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուի հեռացնել իր զօրքերը Սուրիայէն: