image

Պիտի պաշարէին Պէյրութի օդակայանը... սակայն

Պիտի պաշարէին Պէյրութի օդակայանը... սակայն

Լիբանանի ներքաղաքական կեանքին մէջ լարուածութիւնը կը շարունակուի: Խնդիրն այն է, որ Լիբանանի շիիթ համայնքի կարեւոր բաղկացուցիչը համարուող Ամալ կուսակցութիւնը, որուն ղեկավարն է երկրի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի, Պէյրութի մէջ սպասուող արաբական ֆորումին վերաբերեալ տարբեր մեկնաբանութիւններ տալէ բացի, յայտարարած է, որ Ամալ շարժումի երիտասարդները պիտի պաշարեն Պէյրութի միջազգային օդակայանը, եթէ Լիպիոյ ներկայացուցիչները Պէյրութ ժամանեն, մասնակցելու համար ամիսներէ ի վեր պատրաստուող այդ ֆորումին:

Այս մասին նաեւ երէկ խօսած է Ամալ շարժումի երեսփոխաններէն Ալի Պազզի, նշելով, որ Իմամ Մուսա Ալ-Սատըրի խնդիրը իրենց համար սակարկութեան առարկայ չի կրնար դառնալ եւ իրենք պատրատս են ամէն գնով հակադարձել եւ արգիլել լիպիացի պատուիրակներու Պէյրութ Մուտք գործելը:

Յիշեցնենք, որ Մուսա Ալ-Սատըր կը համարուի Ամալ շարժումի հիմնադիրը եւ ղեկավարը, որ 1978 թուականին պաշտօնական այցով մը մեկնած է Լիպիա եւ անկէ ետք չէ վերադարձած:

Ամալ շարժումի ղեկավարները եւ անոնց գլխաւոր առաջնորդ Նապիհ Պըրրի այս խնդրին ամսին խօսելով, նշած են, որ Քազաֆիի իշխանութիւնները կը համարուին Մուսա Ալ-Սատըրը առեւանգող գլխաւոր մեղադրելաները: