Այսօր առաւօտուն բեռնատար օդանաւ մը կործանուած է Թեհրանի մերձ։ Այս մասին լուրը փոխանցած է «Սփութնիք» կայանը յղում կատարելով իրանեան աղբիւրներու։
Ըստ նախնական տուեալներու օդանաւը Boing 707 տիպի էր եւ բեռ կը փոխադրէր Խըրխըզիստանէն։
Նախնական տուեալներով օդանաւին մէջ կային 10 անձեր, որոնց ճակատարգրին մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր։