image

Ցաւօք պետութիւն չունինք. Լիբանանի ներքին գործոց նախկին նախարար

Ցաւօք պետութիւն չունինք. Լիբանանի ներքին գործոց նախկին նախարար

Լիբանանի ներքին գործոց նախկին նախարար եւ ներկայիս «Ինթըրփոլ»ի նախագահ Էլիաս Մըր, զգայացունց յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է:

Յայտարարութիւնը, որ լոյս տեսած է Էլիաս Մըրին մօտիկ համարուող «Ալ-Ժումհուրիա» պարբերականին մէջ, ներկայացուցած է վերջին ամիսներուն նախարարի դիմատետրի հաշիւին յափշտակման ամբողջ պատմութիւնը:

Կը նշուի նաեւ, որ անյայտ օգտատէրեր յատուկ միջոցներ գործադրելով, յաջողած են ստեղծել Էլիաս Մըրի անունով դիմատետրի կեղծ հաշիւ մը, որուն համար ալ «ինթըրփոլ»ի պատասխանատուն դիմած է լիբանանեան պատկան մարմիններուն, որոնք ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կամ արձագանգ տուած են իր բողոքներուն:

Յիշեցնենք, որ միջազգային ոստիկանական, ինչպէս նաեւ «Ինթըրփոլ»ի շրջանակներուն մէջ յոյն ուղղափառ համայնքի անդամ Էլիաս Մըր կը համարուի կարեւոր եւ յարգուած անձնաւորութիւն մը:

Էլիաս Մըր իր նիւթի աւարտին դժգոհութիւն յայտնելով լիբանանեան պատկան մարմիններու վերաբերմունքին վերաբերեալ, գրած է. «ցաւօք պետութիւն գոյութիւն չունի»: