image

Իսրայէլեան պատերազմական կործանիչներ ցած բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած են լիբանանեան հարաւային քաղաքներու մէջ

Իսրայէլեան պատերազմական կործանիչներ ցած բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած են լիբանանեան հարաւային քաղաքներու մէջ

Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ կատարած է  լիբանանեան հարաւային քաղաքներու վերեւ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ թռիչքները կատարուած են երէկ ուշ երեկոյեան եւ նկատելի դարձած է, որ կործանիչները կը թռչին ցած բարձրութեան վրայ:

Իսրայէլեան կործանիչներու աշխոյժ ներկայութիւն նկատուած է յատկապէս Լիբանանի հարաւը գտնուող Սուր քաղաքին վերեւ: