image

Ամերիկեան մարմիններ աղօտ յայտարարութիւններ կը կատարեն Սուրիոյ վերաբերեալ

Ամերիկեան մարմիններ աղօտ յայտարարութիւններ կը կատարեն Սուրիոյ վերաբերեալ

Ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացման առընթեր ամերիկեան բարձրաստիճան մարմիններ հակասական տեղեկութիւններ կը հրապարակեն: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ երէկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մէկ բանբերը յայտնած է, որ իրենք Սուրիայէն դուրս կը բերեն ոչ թէ ամերիկացի զինուորները, այլ զրահապատ կարգ մը մեքենաներ եւ տեղի ունեցած շարժումները կը մնան շրջանի մէջ վերատարածման եւ վերադիրքաւորման ընդհանուր քաղաքականութեան ծիրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբ կտրուկ յայտարարութիւններով հանդէս գալով, ըսած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի քաշէ իր զօրքը հիւսիսային Սուրիայէն, բան մը, որ տեղի տուած էր քաղաքական եւ ապահովական լուրջ մտավախութիւններու, յատկապէս քրտական շրջանակներուն մօտ: