image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պատուիրակ մը Պէյրութ կը սպասուի

Ամերիկացի բարձրաստիճան պատուիրակ մը Պէյրութ կը սպասուի

Յառաջիկայ օրերուն ամերիկացի բարձրաստիճան պատուիրակ մը Պէյրութ պիտի ժամանէ: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ամերիկացի պատուիրակին Պէյրութ այցելելուն գլխաւոր նպատակն է Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին վրայ արձանագրուած լարուածութիւնը վերացնելը:

Յիշեցնենք, որ շաբաթներէ ի վեր Իսրայէլ-Լիբանան սահմանային հատուածը կը շարունակէ մնալ լարուած եւ այդ լարուածութեան գլխաւոր պատճառն այն է, որ Իսրայէլ մեղադրանքներ հնչեցուցած է այն մասին, որ լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը գետնուղիներ փորած է, որոնք սկիզբ կ'առնեն Լիբանանի սահմանային հատուածէն եւ կը տարածուին մինչեւ Իսրայէլի սահմանային շրջանները: