image

Ամանորեայ օրերուն թէժ մարտեր Հալէպի արեւմտեան հատուածին մէջ (Տեսանիւթ)

Ամանորեայ օրերուն թէժ  մարտեր Հալէպի արեւմտեան հատուածին մէջ (Տեսանիւթ)

Ամանորեայ օրերը ականատես եղան մեծ մարտերու, յատկապէս Հալէպ քաղաքի արեւմտեան հատուածին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը, նշելով, որ թէժ մարտեր տեղի ունեցած են մէկ կողմէն «Հայըէթ թահրիր Ալ-Շամ» (նախկին անուանումը՝ Ալ-Նուսրա ճակատ) եւ միւս կողմէ Նուր Ալ-Տին Ալ-Զանքի խմբաւորման միջեւ:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ալ-Նուսրա յաջողած է տիրապետել Նուր ԱԼ-Տին Ալ-Զանքիի տիրապետութեան տակ եղող կարգ մը շրջաններուն վրայ:

Յիշեցնենք, որ Նուր Ալ-Տին Ալ-Զանքի կը համարուի Անգարային մօտիկ եւ անոր հովանիին տակ գործող զինուորական խմբաւորում մը:

Անշուշտ այս դէպքերը տեղի կ'ունենան այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներ որոշած է դուրս բերել իր ուժերը Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներէն: