image
Հրատապ լուրեր:

Փարիզի ցոյցերը աննախադէպ էին. Ձերբակալուածներու թիւը հասած է 1550-ի

Փարիզի ցոյցերը աննախադէպ էին. Ձերբակալուածներու թիւը հասած է 1550-ի

Փարիզի մէջ «դեղին բաճկոններու» շաբաթօրեայ բողոքի ցոյցի մասնակիցներու շրջանին ձերբակալուածներու թիւը հասած է 1550-ի, այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Քրիսթոֆ Քասթանիէրը՝ նշելով, որ թիւը աննախադէպ է Փարիզի համար:

«Փարիզի մէջ երբեւէ իրաւապահներու կողմէ այդքան մարդ չէր ձերբակաուած», - ըսած է նախարարը ցոյցի ընթացքին ծառայութիւն իրականացուցած ստորաբաժանումներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ:

Ի դէպ, հանդիպումէն մէկ ժամ առաջ Քասլանիէրը յայտնած էր, որ ամբողջ երկրի մէջ ձերբակալուած է 1385 մարդ, սակայն այդ թիւը, միանշանակ, կ'աճի:

Նախարարը նաեւ ընդգծած է, որ ոստիկանութիւնը կրցած է բաւականին յաջող գործել զրահապատ թեխնիկայի աջակցութեամբ, որ «շատոնց չէր կիրառուած ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ»:

Ըստ Քասթանիէրի՝ այս անգամ իրաւապահ ուժերը առաւել ճկուն ու արդիւնաւէտ ռազմավարութիւն կիրառած են՝ յենուելով գործողութիւններու նոր կանոններու վրայ, ինչի շնորհիւ յաջողած է խուսափիլ առաւել շատ տուժածներէ ու նուազեցնել բռնութեան դէպքերը:

Այնուամենայնիւ՝ նախարարը խոստովանած է, որ 8 դեկտեմբերը իրենց համար «բարդ ու լարուած օր էր»: