image

Փարիզի մէջ այսօր զգուշաւոր իրավիճակ կը տիրէ

Փարիզի մէջ այսօր զգուշաւոր իրավիճակ կը տիրէ

Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ այսօր զգուշաւոր իրավիճակ կը տիրէ:

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած բողոքի ալիքէն ետք, այսօր կը սպասուի, որ դեղին բաճկոնաւորները դարձեալ բողոքի ցոյցեր կատարեն եւ փակեն Փարիզի գլխաւոր մայրուղիները եւ ճանապարհները: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «agance franceperss» AFP լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ ապահովական մարմիններ, երէկ ամբողջ գիշեր աշխատած են եւ յատուկ պահպանական պաշտպանիչ շերտերով սարքեր տեղադրած են Շանզէլիզէի երկայնքին գտնուող յայտնի վաճառատուներու դիմաց:

Նոյն աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ աւելի քան 89 հազար ոստիկաններ եւ ապահովական պաշտօնեաներ այսօր փողոց պիտի իջնեն, վերահսկելու համար ընդհանուր իրավիճակը:

Յայտնենք, որ աւելի վաղ Ֆրանսայի կառավարութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, նշած էր, որ յետս կը կոչէ աւելի վաղ յայտարարած՝ վառելանիւթերու գիներու սղաճին վերաբերեալ իր որշումը:

Իր կարգին, Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարար Քրիսթոֆ Քասթանիէր յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, ըսած է, որ Ֆրանսայի մէջ վերջին խօսքը օրէնքին է եւ ան կոչ ուղղած է բողոքող կողմերուն՝ պահպանել օրէքը եւ քաղաքի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը: