image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր յայտարարութիւն կատարած է. Ի՞նչ ըսած է ան

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր յայտարարութիւն կատարած է. Ի՞նչ ըսած է ան

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆ այս առաւօտ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարած է:  Զարիֆ ըսած է, որ վերջին օրերուն Միջին Արեւելքի մէջ զինուորական գործարքներ տեղի կ'ունենան եւ այդ բոլորը կը կատարուին ի վնաս շրջանի խաղաղութեան եւ անդորրին:

Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Միացեալ Նահանգներ իր գոծելաոճով վառօդի տակառի կը վերածէ Միջին Արեւելքը եւ անցնող օրերուն տեղի ունեցած զինուորական գործարքները եւ հրթիռային խարիսխներու վաճառքը կրնայ աւելի բարդացնել իրավիճակը: Իմ կարծիքով, Միջին Արեւելքը այս զէնքերուն պէտք չունի եւ այս բոլորը անշուշտ ժխտական դեր պիտի ունենան՝ Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութիւնը բարձրացնելու առումով»: