image
Հրատապ լուրեր:

Օսքարակիր դերասան Շոն Փէն ժամանած է Պոլիս. Պատճա՞ռը

Օսքարակիր դերասան Շոն Փէն ժամանած է Պոլիս. Պատճա՞ռը

Ամերիկացի յայտնի դերասան, օսքարակիր Շոն Փէն, երէկ ժամանած է Պոլիս: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Daily Sabah» պարբերականը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Շոն Փէն, երէկ հանդիպումներ ունեցած է թուրք բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

Շոն Փէն պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, յայտնած է, որ իր համար այսօրուայ դրութեամբ աշխարհը յուզող ամենակարեւոր հարցերէն մէկն է սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի թեման:

Ան նաեւ ըսած է, որ նպատակ ունի յառաջիկայ հանգրուանին տեսաֆիլմ մը նկարել Խաշըքճիին մասին, առանց լրագրողներուն պատմելու, թէ ինչ ժանրի տեսաֆիլմ պիտի ըլլայ սէուտցի լրագրողին նուիրուած աշխատանքը:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ Շոն Փէն այսօր մեկնի Անգարա, հանդիպելու համար թուրք բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ ներկայացուիցչներու հետ:

Յիշեցենք, որ Ժամալ Խաշըքճին ողբերգական մահ մը ունեցաւ Պոլսոյ մէջ, երբ ան անցեալ 2 հոկտեմբերին մուտք գործեց Սէուտական Արաբիոյ Պոլսոյ հիւպատոսարան եւ անհետացաւ: Աւեի ուշ պարզ դարձաւ, որ ան սպաննուած է ողբերգական պայմաններու մէջ: