image

Խաշըքճիի հարց. Ամերիկա գոհ է Սէուտական Արաբիոյ կարգադրութիւններէն

Խաշըքճիի հարց. Ամերիկա գոհ է Սէուտական Արաբիոյ կարգադրութիւններէն

Միացեալ Նահանգներ իր գոհունակութիւնը արտայայտած է Խաշըքճիի թղթածրարի առընթեր Ռիատի կողմէ կատարուած կարգադրութիւններուն վերաբերեալ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հայզըր Նաուըրթ:

Նաուըրթ նշած է, որ իրենք գոհունակութեամբ կը հետեւին Ռիատի կողմէ կատարուած կարգադրութիւններուն եւ կը սպասեն, որ խաշըքճիի ամբողջական թղթածրարը պարզաբանուի եւ դատուին սպանութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող բոլոր կողմերը:

Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիա, երէկ, առաջին անգամ ըլլալով յայտարարած էր, թէ հինգ սէուտցիներ կախաղան պիտի բարձրացուին եւ անոնք կը համարուին Խաշըքճին սպաննողները:

Յիշեցնենք, որ Ժամալ Խաշըքճին սպաննուած էր Պոլսոյ մէջ, անցեալ 2 հոկտեմբերին, երբ մուտք գործած էր Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան: Աւելի ուշ պարզուած էր, որ լրագրողը սպաննուած էր անմարդկային պայմաններու մէջ եւ անոր դիակը մինչեւ այս պահը կը շարունակէ մնալ անհետացած: