image
Հրատապ լուրեր:

Խաշըքճիի պատճառով Փարիզ-Անգարա նոր լարուածութի՞ւն

Խաշըքճիի պատճառով Փարիզ-Անգարա նոր լարուածութի՞ւն

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան, երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով նշած է, որ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի հարցով իրենք ոչ մէկ ձայնագրութիւն ստացած են:

Լոտրիանի  յայտարարութիւնները կը կատարուին այն պահուն, երբ թուրք մէկէ աւելի պատասխանատուներ ըսած էին, թէ Անգարա Խաշըքճիի սպանութեան խնդրով կարեւոր ձայնագրութիւններ յանձնած է Ֆրանսայի, Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ երկիրներու:

Իր կարգին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի մամուլի քարտուղար Ֆախր Ալ-Տին Ալթուն դիմադարձելով ֆրանսացի պատասխանատուի կատարած յայտարարութիւններուն, ըսած է, որ Ժան Իվ Լոտրիան սուտ կը խօսի եւ այդ մէկը ընդունելի չէ:

Ալթուն մասնաւորապէս ըսած է. «Մեր նախագահը ամէն բան կատարեց, որպէսզի պարզուին Խաշըքճիի սպանութեան իրական պատճառները եւ ընդունելի չէ, որ անոր հասցէին այսպիսի անհիմն մեղադրանքներ հնչեն»:

Յիշեցնենք, որ անցեալ 2 հոկտեմբերին, Պոլսոյ մէջ եղող Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանը մուտք գործած Ժամալ Խաշըքճիի ճակատագիրը առաջին հանգրուանին մնացած էր անյայտ: Աւելի ուշ բացայայտուած էր, որ ան սպաննուած էր հարցաքննութեան մը աւարտին, ինչպէս նաեւ վարկածներ շրջանառուած էին, որոնց հիմամբ Խաշըքճիի մարմինը քիմիական նիւթերու միջոցաւ ոչնչացուած էր: