image

Հասան Նասրալլա չի լքեր իր դաշնակիցները

Հասան Նասրալլա չի լքեր իր դաշնակիցները

«Հըզպալլա» կազմակերպութեան առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա բուռն կերպով քննադատած է երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրին, ինչպէս նաեւ քաղաքական գործիչներ՝ Ուալիտ Ժոմպլաթն ու Սամիր Ժաաժաը:

Նասրալլա ըսած է, որ իրենք բաւարար ուժ եւ կամք ունին՝ անկեղծ ըլլալու իրենց հանրութեան հետ եւ այն խօսակցութիւնները, ըստ որոնց, «Հըզպալլա» կ'ուզէ տապալել նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը, բոլորովին անհիմն են:

Նասրալլա նաեւ կարեւորած է նոր կառավարութեան մէջ իրենց դաշնակիցներուն կարեւոր ներկայութիւն մը ապահովելու խնդիրը: Ան այս առումով ըսած է, որ՝ ինչ ալ պատահի, իրենք պիտի չլքեն իրենց դաշնակիցները, գործընկրները եւ քաղաքական նոյն հաւատամքը ունեցողները: Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի «8 Մարտի սիւննիներ» անունով հրապարակ եկած քաղաքական ուժին, որ անցնող մայիսի ընտրութիւններուն յաջողած էր կարեւոր տեղ զբաղցնել երկրի խորհրդարանին մէջ եւ այդպիսով՝ ձեւաւորել երկրի երկրորդ քաղաքական սիւննի ուժը, վարչապետ Հարիրիի շուրջ բոլորուած քաղաքական ուժէն ետք: