image

Սուրիոյ ընդդիմութիւնը նոր դրօշակ պիտի օգտագործէ

Սուրիոյ ընդդիմութիւնը նոր դրօշակ պիտի օգտագործէ

Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ իր տիրապետութիւնը տարածող ընդդիմութեան տարբեր խմբաւորումներ յայտարարութեամբ հանդէս գալով, հաղորդած են, որ ընդդիմութիւնը որոշած է նոր դրօշակ մը օգտագործման մէջ դնել:

Այս մասին տեղեկութիւնը կը յայտնէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայքը, նշելով, որ դրօշակը կը ներկայացուի հորիզոնական կանաչ, ճերմակ եւ սեւ գոյներով, որուն մէջտղեն ալ արաբերէնով գրուած է «لا إله إلا الله محمد رسول الله» խօսքը, որ կը նշանակէ՝ Ալլաէն բացի այլ Աստուած չկայ, Մուհամմատն ալ Աստուծոյ մարգարէն է»:

Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ նոյն դրօշակի այլ տարբերակը (գրութեան փոխարէն երեք կարմիր աստղ) օգտագործուած էր Սուրիոյ մէջ 2012 թուականէն սկսեալ, երբ այդ ժամանակ ընդդիմութիւնը կը փորձէր ներկայանար որպէս՝ ոչ իսլամական գաղափարնր տարածող զինեալ խմբաւորում:

Կը նշուի նաեւ, որ Ա աշխարհամարտին Ֆրանսական հոգատարութեան ժամանակաշրջանին, Սուրիան նոյնպէս այս դրօշակը գործածած էր: