image

Սուրիա վերադարձած փախստականներուն թիւը հասած է 1,5 միլիոնի

Սուրիա վերադարձած փախստականներուն թիւը հասած է 1,5 միլիոնի

Ռուսական հաշտեցման կեդրոնին համաձայն, Սուրիա վերադարձած փախստականներուն թիւը հասած է 1,5 միլիոնի: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայքը, յղում կատարելով Սուրիոյ մէջ հաշտեցման կեդրոնի պատասխանատուներէն Միխայէլ Միզինցեւին:

Միզինցեւ նաեւ ըսած է, որ 1,5 միլիոնին մէջ կան մեծ թիւով սուրիացիներ, որոնք Սուրիա վերադարձած են շրջակայ տարբեր երկիրներէ, իսկ մնացեալը, որոնց մասին խօսած է ռուսական կեդրոնը, կը վերաբերի այն փախստականներուն, որոնք պատերազմական տարբեր պայմաններու տակ ստիպուած էին խոյս տալ դէպի սուրիական աւելի ապահով շրջաններ:

Աղբիւրը նաեւ  հաստատած է, որ սուրիացի փախստականներու տունդարձի աշխատանքները պիտի շարունակուին եւ Ռուսաստան կարեւոր ճիգ պիտի կատարէ այս առումով: