image
Հրատապ լուրեր:

Հարիրի պիտի վերադառնայ մէկ օրուան համար.. եւ ապա դարձեալ դէպի Փարիզ

Հարիրի պիտի վերադառնայ մէկ օրուան համար.. եւ ապա դարձեալ դէպի Փարիզ

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի կարճատեւ այցով մը պիտի վերադառնայ Լիբանան, մասնակցելու համար յառաջիկայ երկուշաբթի օր տեղի ունենալիք խորհրդարանի արտակարգ նիստին: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը, յղում ընելով Հարիրիի նստավայրին՝ Պայթ Ալ-Ուասաթին մօտիկ կանգնած աղբիւրներուն:

Նոյն աղբիւրները յայտնած են, որ Հարիրիի Լիբանան կեցութիւնը մշտական պիտի չըլլայ եւ ան մասնակցելէ ետք խորհրդարանական ժողովին, դարձեալ պիտի մեկնի Փարիզ եւ շարունակէ այնտեղ մնալ:

Յիշեցնենք, որ խորհրդարանին առջեւ դրուած կարեւորագոյն օրակարգն էԼիբանանի ելեկտրականութեան ապահովման խնդիրը: Երեսփոխանները պէտք է քուէարկեն դրամական յատկացումի օրինագիծի մը վրայ, որուն հիմամբ Լիբանան պէտք է վճարէ վերջերս Պէյրութ հասած «fuel oil»ի մեծ քանակութեամբ գումարները:

Յիշեցնենք, որ այդ ալճերիական նաւթատար նաւերուն  շնորհիւ կարելի եղաւ Լիբանանը հեռու պահել ամբողջական խաւարէ: