image

Լիբանան փրկուեցաւ համատարած մութէ

Լիբանան փրկուեցաւ համատարած մութէ

Լիբանան երէկ յետմիջօրէին փաստօրէն փրկուեցաւ համատարած մթութենէ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը, նշելով, որ դէպի լիբանանեան ափեր նաւթ բերող ալճերիական ընկերութիւնը համաձայնած է պարպել «fuel oil»ի իր պարունակութիւնը եւ ապա համապատասխան գումարը ստանալ Լիբանանի պատկան մարմիններէն:

Յիշեցնենք, որ երէկ լրատուական տարբեր աղբիւրներ խօսած էին, որ եթէ «fuel oil»ը չտրամադրուի Լիբանանեան ելեկտրածին գլխաւոր կայաններուն, ապա յառաջիկայ տասը օրերուն երկիրը պիտի յայտնուի ամբողջական մթութեան մէջ:

Կը սպասուի նաեւ, որ երկուշաբթի օր տեղի ունենայ Լիբանանի խորհրդարանի արտակարգ նիստը, ուր տարբեր օրակարգերու կողքին պիտի քննուի նաեւ «fuel oil»ի համար գումարներ յատկացնելու օրակարգը: