image

Իտլիպի մէջ ընդդիմադիր զինեալները իրար դէմ սկսած են պատերազմիլ

Իտլիպի մէջ ընդդիմադիր զինեալները իրար դէմ սկսած են պատերազմիլ

Սուրիոյ լուրերը փոխանցող «Մարսատ Ալ-Սուրի» կայքը, լուր մը տարածած է Իտլիպի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակի մասին:

Աղբիւրը նշած է, որ անցնող օրերուն ծանր բախումներ տեղի ունեցած են սուրիական այդ նահանգին մէջ, մէկ կողմէ «Թահրիր Ալ-Շամ»ի եւ միւս կողմէ «Հուրրաս Ալ-Տին» խմբաւորումներու միջեւ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ զինուորական գործողութիւններու ընթացքին կը գործածուին միջին տարողութեամբ զինատեսակներ, ինչպէս նաեւ գործի կը դրուին տարբեր հասողութեան հրետանիներ:

Կը նշուի նաեւ, որ այս առաջին անգամը չէ, որ ընդդիմադիրները ներքին բախումներ կ'ունենան եւ ներկայ պահու դրութեամբ Իտլիպի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ վտանգաւոր:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ այսօրուան պատերազմական դրութեան քարտէզին մէջ Իտլիպը կը շարունակէ մնալ ընդդիմադիր ահաբեկիչ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ եղող վերջին գլխաւոր կայանը: