image

Ահմատ Պըն Ապտ Ալազիզ իշխանը անակնկալ կերպով վերադարձած է Ռիատ

Ահմատ Պըն Ապտ Ալազիզ իշխանը անակնկալ կերպով վերադարձած է Ռիատ

Սէուտական Արաբիոյ նախկիկ թագաւոր Ապտ Ալազիզի զաւակներէն Ահմատ Պըն Ապտ Ալազիզ իշխանը, որ կը բնակէր Լոնտոնի մէջ, անակնկալ կերպով վերադարձած է Ռիատ:

Այս մասին լուր կը հաղորդէ «Ալ-ժատիտ» լրատուական կայքը, նշելով, որ իշխանը կը համարուի թագաւորական ընտանիքին մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցող եւ կարեւոր իշխաններէն մին:

Ըստ նոյն աղբիւրին, իշխանը Ռիատ վերադարձած է բարձրաստիճան քննարկումներ ունենալու՝ թագաւոր Պըն Սըլմանի, ինչպէս նաեւ գահաժառանգ Մուհամմատի հետ:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ անցնող շաբաթ շրջանառութեան մէջ դրուած էր տեսաերիզ մը, ուր Ահմատ իշխանը երեւցած է Լոնտոնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան մօտ հաւաքուած ամբոխին մօտ, որոնք վանկարկումներ կը կատարէին Պըն Սըլման թագաւորին եւ գահաժառանգ Մուհամմատին մասին, Ժամալ Խաշըքճի լրագորղի սպանութեան դէպքի վերաբերեալ:

Այդ պահուն Ահմատ իշխան հակիրճ խօսք մը արտասանելով, յայտարարած է, թէ ինք ոչ մէկ կապ ունի Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր իշխանութիւններուն հետ եւ երկիրը կառավարելը կը շրունակէ մնալ անոնց հիմնական պարտականութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Խաշըքճիի սպանութենէն ի վեր թագաւորական ընտանիքին մէջ լուռ տարակարծութիւններ կան, սակայն տեղեկատուական ծառայութիւններու կողմէ այդ մասին  յստակ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: