image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր ընթացք պիտի առնեն Իրանի դէմ պատժամիջոցները

Այսօր ընթացք պիտի առնեն Իրանի դէմ պատժամիջոցները

Այսօր ընթացք կ'առնեն Իրանի դէմ ամերիկեան նոր պատժամիջոցները, այս մասին լուրը կը փոխանցէ«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու Իրանի հետ կնքուած կորիզային համաձայնութենէն քաշուելէն 180 օր ետք այս պատիժները գործադրութեան պիտի դրուին:

Կը նշուի նաեւ, որ պատժամիջոցներու գլխաւոր թիրախը Իրանի ելեւմտական, ինչպէս նաեւ նաւթային ոլորտն է:

Ամերիկեան տարբեր աղբիւրներ կը խօսին այն մասին, որ այս պատիժներուն շնորհիւ Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձէ ստիպել Իրանը կնքեու նոր կորիզային համաձայնագիր մը: