image

Փաստերը որ ունինք կրնան վերջ տալ Մուհամմատ իշխանի գործունէութեան. «Ենի Շաֆաք» թերթի խնբագիր

Փաստերը որ ունինք կրնան վերջ տալ Մուհամմատ իշխանի գործունէութեան. «Ենի Շաֆաք» թերթի խնբագիր

Թրքական «Ենի Շաֆաք» թերթի խմբագիր Իպրահիմ Գարակիւլ երէկ կարեւոր յայտարարութիւններ կատարած է Խաշըքճիի սպանութեան թղթածրարի վերաբերեալ:

Գարակիւլ յայտարարած է, որ իրենց մօտ գտնուող փաստարկները կրնան վերջ մը դնել Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սըլման իշխանի քաղաքական գործունէութեան:

Ան այս առումով «Թուիթըրեան» գրառում մը կատարած է, նշելով, որ Մուհամմատ Պըն Սըլման մեծ սխալներ կը գործէ շրջանին մէջ, սակայն եթէ Թուրքիա կամենայ, կրնայ վերջ մը դնել իր գործունէութեան:

Գարակիւլ նաեւ ըսած է, որ իր ունեցած տուեալներով Թուրքիոյ պատկան մարմիններ ձայնային հաղորդագրութիւններ ունին, որոնց հիման վրայ կարելի է յստակ կերպով պատկերացում մը կազմել, թէ ինչ պայմաններու տակ, ինչ մեթոտներով եւ որու դրդումով սպաննուեցաւ Խաշըքճին, բան մը, որ անոր կարծիքով վերջնականապէս վերջ կրնայ դնել Մուհամմատ Իշխանի քաղաքական գործունէութեան: