image

Զգայացունց լուր Ռաքքայէն. Յայտնաբերուած են 400 սպաննուածներու դիակներ

Զգայացունց լուր Ռաքքայէն. Յայտնաբերուած են 400 սպաննուածներու դիակներ

Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, յայտնած է, թէ անցնող օրերուն, յատկապէս Ռաքքա նահանգին մէջ յայտնաբերուած են սպաննուածներու 400 դիակներ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ յայտնաբերուած դիակներու մեծ մասը կը պատկանի կանանց եւ երեխաներու:

Դատապարտելով արարքը, Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւը յայտնաբերուած դիակներու մասին իր պատրաստած թղթածրարը ուղարկած է ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց մարմիններուն, նշելով, որ յայտնաբերուած դիակները կը պատկանին սուրիացի քաղաքացիներու, որոնք սպաննուած են շատ դաժան եւ վայրաք պայմաններու մէջ, նշելով նաեւ որ այդ սպանութիւններուն հեղինակները բնականաբար իսլամիսթ ծայրայեղական խմբաւորումներն են: