image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկա կը պահանջէ Խաշըքճիի դիակին յայտնաբերումը եւ պարագաներուն յանձնումը

Ամերիկա կը պահանջէ Խաշըքճիի դիակին յայտնաբերումը եւ պարագաներուն յանձնումը

ԱՄՆ բարձրաստիճան պատասխանատուներ յայտարարութիւններով հանդէս եկած են, նշելով, որ իրենք պիտի շարունակեն հետապնդել Խաշըքճիի սպանութեան ծալքերը եւ բացայայտել ոճրագործները:

Այս մասին յատկապէս խօսած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէիօ, որ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ հետամուտ է, որ Խաշըքճիի սպանութեան ամբողջական ծալքերը վերջնականապէս բացայայտուին, ինչպէս նաեւ ոճրագործները համապատասխան կերպով պատժուին:

Իր կարգին ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Ռոպըրթ Պալատինօ լրագրողներուն հետ ճեպազրոյց մը ունենալով ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ Խաշըքճիի սպանութեան գործի բացայայտման եւ այդ առիթով բոլոր պատկան մարմիններէն պահանջած է Խաշըքճիի դիկաի յայտնաբերումը ու յանձնումը իր ծնողներուն:

Յիշեցնենք, որ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըքճի անցնող 2 հոկտեմբերին մուտք գործած էր Պոլսոյ մէջ գտնուող Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան եւ անկէ ետք անհետացած: Աւելի ուշ պարզ դարձած էր, որ Խաշըքճի սպաննուած է անյայտ պայմաններու տակ եւ անոր դիկաը մինչեւ այս պահը կը շարունակէ մնալ անհետացած: