image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Ասատի հօրաքոյրը մերժում ստացած է. Պատճա՞ռը

Նախագահ Ասատի հօրաքոյրը մերժում ստացած է. Պատճա՞ռը

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հօրաքրոջ անունը, որուն մասին օրեր առաջ հրապարակումներ լոյս տեսած են, կը շարունակէ մնալ անյայտ: Այս մասին կը գրէ բրիտանական «Daily mail» պարբերականը, նշելով, որ Ասատի Լոնտոն բնակող հօրաքոյրը փորձած է բրիտանական հպատակութիւն ստանալ, սակայն մերժուած է պետական մարմիններու կողմէ:

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Ասատի հօրաքրոջ կողքին, նոյնպէս հպատակութեան դիմած են Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի եղբօր՝ Ռըֆհաթ Ասատի երեք զաւակները, որոնք նոյնպէս մերժում ստացած են:

«Daily mail» նաեւ կը յայտնէ, որ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը այսպիսի կտրական կեցուածք որդեգրած է, այն մտավախութեամբ, որ հպատակութիւն տալու որեւէ որոշում չբացատրուի, թէ Մեծն Բրիտանիա սկսած է դրական վերաբերմունք ունենալ Սուրիոյ նախագահին եւ անոր վարչակարգին հանդէպ: