image

Ամերիկա-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները կրնան վատթարանալ. Մտավախութիւն յայտնած է սէուտցի իշխանը

Ամերիկա-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները կրնան վատթարանալ. Մտավախութիւն յայտնած է սէուտցի իշխանը

Սէուտական Արաբիոյ նախկին թագաւորներէն Ֆայսալ թագաւորի որդին՝ Թըրքի իշխանը երէկ կարեւոր յայտարարութիւններ ըրած է, կապուած Սէուտական Արաբիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն:

Թըրքի Պըն Ֆայսալ, որ խօսած է արաբ-ամերիկեան քոնկրեսին առջեւ, նշած է, որ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի խնդիրը կրնայ լուրջ վնասներ հասցնել 70 տարուան կենաք ունեցող Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա պատմական յարաբերութիւններուն:

Ան նաեւ ըսած է, որ ձեւաւորուած է որոշ մթնոլորտ մը, որու հիմամբ Սէուտական Արաբիան կը ներկայացուի որպէս «սատանայ երկիր» մը, որ կը սպաննէ լրագրողները:

Ան այս առումով հաւաստած է, որ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները այսօր պատրաստ են արդարութեան յանձնել բոլոր անոնց, որոնք մասնակից եղան սէուտցի լրագրողի սպանութեան գործին:

Յիշեցնենք, որ անցնող 2 հոկտեմբերին սէուտցի այլախոհ լրագրող Ժամալ Խաշըքճի մուտք գործած էր Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան, որմէ ետք ալ անհետացած էր եւ ապա յայտարարուած էր անոր սպանութեան մասին: