image

Էրտողան կը սպառնայ Սուրիոյ քիւրտերուն. «Հիմա հերթը Մընպէճին ու Եփրատի արեւելեան ափինն է»

Էրտողան կը սպառնայ Սուրիոյ քիւրտերուն. «Հիմա հերթը Մընպէճին ու Եփրատի արեւելեան ափինն է»

Անցնող գիշեր քրտական ջոկատներու եւ թրքական Զինուած ուժերու միջեւ բախումներ գրանցուած են, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանին:

Այս մասին հաղորդող «Sputnik» լրատուական գործակալութիւնը նաեւ կը նշէ, որ սուրիական Թէլ Ապիատ շրաջնի մէջ գտնուող քիւրտ զինեալներ հրթիռ արձակած են Թուրքիոյ ուղղութեամբ,  որուն ի պատասխան թրքական կողմը ծանր հրետանի գործի դրած է Ուրֆայի Աքչաքալէ շրջանի իրենց դիրքերէն: 

Օրերս թրքական ԶՈւ-ն առաջին անգամ գնդակոծած է Մընպէճի մէջ քրտական դիրքերը: Այս առնչութեամբ նախագահ Էրտողանի խօսնակ Իլնուր Չեւիկ ըսած է. «Սա զգուշացում է: «Բարեկամական ուղերձ» ԱՄՆ-ին, որ կը շարունակէ չպարտադրել՝ տարածքին մէջ իրենց ոտքը ամրացուցած քիւրտ զինեալներուն հեռանալ այստեղէն: Թուրքիան այս ուղերձները յղած է նաեւ Աֆրինի մէջ ու ըրած այն, ինչ պէտք էր: Հիմա հերթը Մընպէճին ու Եփրատի արեւելեան ափինն է»: