image
Հրատապ լուրեր:

Պըրրի նոյնպէս լաւատես. Պիտի մտնենք աշխատանքի լուրջ փուլ մը

Պըրրի նոյնպէս լաւատես. Պիտի մտնենք աշխատանքի լուրջ փուլ մը

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած է, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը իրականութիւն պիտի դառնայ յառաջիկայ օրերուն:

Պըրրի նաեւ ըսած է, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք ամբողջ երկիրը կառավարութեան գլխաւորութեամբ ունի շատ կարեւոր ընելիքներ եւ իրականացնելիք առաջադրանքներ:

Ան նաեւ խօսած է երկիրը հարուածող տնտեսական տագնապին մասին, նշելով, որ կառավարութեան առջեւ դրուած են բազմապիսի հարցեր, որոնք կարիքը ունին արագ եւ գործնական լուծումներու:

Յիշեցնենք, որ անցեալ մայիսէն ի վեր Լիբանան կը գոյատեւէ առանց կառավարութեան եւ անցեալ կառավարութիւնը գլխաւորութեամբ Սաատ Հարիրիի կը կատարէ պաշտօնակատարի իր դերը: