image

«Հըզպալլա» նոր զօրակայան մը կը հիմնէ Կոլանի մօտ

«Հըզպալլա» նոր զօրակայան մը կը հիմնէ Կոլանի մօտ

Իսրայէլեան «Israel Hayom» պարբերականը այսօր կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցած է այն մասին5 որ «Հըզպալլա» կը պատրաստուի ռազմավարական կարեւոր կեդրոնատեղի մը հիմնել Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Կոլանին մերձ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ իրենց ունեցած տուեալներով «Հըզպալլա» կը պատրաստուի այդ կեդրոնը հիմնել սուրիական կողմէն Կոլանի մերձ գտնուող «Ալ խըտր» գաւառակին մէջ եւ այնտեղ կարեւոր գործունէութիւն սկսած է ծաւալել «Հըզպալլա»ի առաջնորդներէն Իմատ Մուղնիէի աւագ որդին՝ Մուսթաֆա Մուղնիէ, որ նոյնպէս մասնակցած է Սուրիոյ մէջ ընթացող մարտերուն:

Յիշեցնենք որ Իմատ Մուղնիէ կը համարուէր «Հըզպալլա»ի կարեւոր առաջնորդներէն մէկը, որ սպաննուեցաւ 2008 թուականի փետրուարին, Դամասկոսի մէջ: