image

Յայտնի է սէուտցի լրագրողի որդիին ուղղուած երկրին անունը

Յայտնի է սէուտցի լրագրողի որդիին ուղղուած երկրին անունը

Սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի որդին Սալահ Խաշըքճի ուղղուած է դէպի Միացեալ նահանգներ: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ ամերիկացի պատասխանատուներ դրական արտայայտութիւններ ունեցած են Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն հանդէպ, նշելով, որ անոնք ճիշդ ըրած են, որ դիւրացուցած են Սալահ Խաշըքճիի տեղաշարժը:

Կը նշուի նաեւ, որ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռոպըրթ Պալատինօ այս մասին խօսելով ըսած է, որ երկրի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէիօ այս հարցը քննարկած է սէուտցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

Յիշեցնենք, որ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըքճին անհետացած էր 2 հոկտեմբերին եւ ապա պարզ դարձած էր, որ ան սպաննուած է Պոլսոյ մէջ գտնուող սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարնին մէջ: