image

Փութին եւ Թրամբ պիտի հանդիպին յառաջիկայ նոյեմբերին

Փութին եւ Թրամբ պիտի հանդիպին յառաջիկայ նոյեմբերին

Ռուսաստանի դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբ շատ հաւանական է, որ հանդիպին յառաջիկայ նոյեմբերին: Այս մասին տեղեկութիւնը կը յայտնէ ռուսական «Սփութնիք» ծառայութիւնը, նշելով նաեւ, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, ուր պիտի նշուի առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտի 100-րդ տարեդարձը:

Իր կարգին Ռուսաստանի նախագահի օգնականներէն Եուրի Օշաքով նոյն ծառայութեան խօսելով, յայտարարած է, որ հանդիպումը պիտի ըլլայ շատ պարզ հանդիպում մը եւ սպասելի չէ, որ երկու նախագահները այդ ժողովի ընթացքին կարեւոր եւ ճակատագրական համաձայնութիւններ կամ որոշումներ առնեն: