image

Դիակէն ետք յայտնաբերուած են նաեւ Խաշքճիի անձնական իրերը

Դիակէն ետք յայտնաբերուած են նաեւ Խաշքճիի անձնական իրերը

Թրքական աղբիւրներ կը գրեն, որ յայտնաբերուած են սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշքճիի անձնական իրերը:

Աղբիւրները այս մասին հաղորդելով նաեւ յայտնած են, որ Պոլսոյ ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժեր յաջողած են երէկ կառատան մը մէջ գտնուած ինքնաշարժ մը խուզարկել, որմէ ետք ի յայտ եկած է, թէ այդ ինքնաշարժին մէջ կան սէուտցի սպաննուած լրագրող Ժամալ Խաշքճիի անհատական իրեր, ինչպէս՝ հագուստներ, ձեռքի համակարգիչ մը եւ այլ իրեր:

Յիշեցնենք որ սէուտցի լրագրողը անհետացած էր 2 հոկտեմբերին, երբ մուտք գործած էր Պոլսոյ մէջ եղող Սէուտկան Արաբիոյ հիւպատոսարան եւ աւելի ուշ պարզ կը դառանար, որ ան անմարդկային պայմաններու տակ  սպաննուած է: Երէկ նաեւ յայտարարուած էր, որ անոր դիակին մէկ մասը գտնուած է Պոլսոյ մէջ եղող ջրհորի մը մէջ: