image

Ո՞վ էր Սաատ Հարիրին անպատուողը. Նոր մանրամասնութիւներ

Ո՞վ էր Սաատ Հարիրին անպատուողը. Նոր մանրամասնութիւներ

«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան մէկ աղբիւրը, որ կարեւոր մանրամասնութիւններ փոխանցած է Ժամալ Խաշըքճիի ճակատագրին մասին, նոյնպէս նոր բացայայտումներ կատարած է  Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի Ռիատի մէջ ապրած արկածներուն մասին:

Ըստ բանբերին, Սաատ Հարիրի բռնադատուած է եւ վիրաւորանքներու ենթարկուած նոյն ան գործիչին կողմէն, որ կը համարուի սէուտցի լրագրողին սպանութիւնը կազմակերպող անձը: Խօսքը անշուշտ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ իշխանի գլխաւոր խորհրդական համարուող Սուուտ Ալ Քահթանիի մասին է, որ օրեր առաջ հեռացուած էր իր պաշտօնէն:

Յիշեցնենք, որ շուրջ տարի մը առաջ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ կարճ այցելութեան մը համար մեկնած էր Ռիատ, յանկարծ կը յայտարարէր իր հրաժարականի մասին: Աւելի ուշ տեղեկութիւններ կը հրապարակուէին այն մասին, որ Հարիրի ենթարկուած է բռնադատման ու նաեւ ապտակներ ստացած է սէուտցի գաղտնի սպասարկութեան անդամներու կողմէ:

Այսօր, ըստ «Ռոյթըրզ» գործակալութեան, յայտնի կը դառնայ, որ այդ պաշտօնատարը կը կոչուի Սուուտ Ալ Քահթանի: