image
Հրատապ լուրեր:

Lարուած ական գտնուած է ամերիկացի գործիչ Ճորճ Սորոսի տան կից

Lարուած ական գտնուած է ամերիկացի գործիչ Ճորճ Սորոսի տան կից

Հրեայ արմատներով ամերիկացի գործիչ Ճորճ Սորոսի տան մօտ յայտնաբերուած է լարուած ուժանակ մը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «The New York Times»ը, նշելով, որ պատկան մարմիններ կարեւոր աշխատանքներ տարած են հեռացնելու համար լարուած ուժանակը:

Կը նշուի նաեւ, որ հրեայ, հունկարացի, ամերիկացի քաղաքագէտ Ճորք Սորոսի տան մօտ ապաահովական յատուկ միջոցառումներ առնուած են, պահպանելու համար անոր անվտանգութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Սորոս կը համարուի ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան ազդեցիկ գործիչներէն մին եւ ան նաեւ կարեւոր աշխատանք կը տանի ոչ արեւմտեան պլոքի անդամ երկիրներուն հետ, սատարելով այդ երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքացիական մարմիններու աշխուժացման: