image
Հրատապ լուրեր:

Խաշըքճիի թղթածրար. Անգարան կը վերադասաւորէ իր քարտերը

Խաշըքճիի թղթածրար. Անգարան կը վերադասաւորէ իր քարտերը

Շաբաթներ առաջ առեւանգուած, ապա մութ պայմաններու տակ սպաննուած Սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի թղթածրարը կը շարունակէ մնալ լրահոսի կիզակէտին:

Այս մասին այսօր շահեկան վերլուծական մը հրապարակած է «Ալ-Մայատին» կայանը, նշելով, որ Անգարա պիտի փորձէ ամէն գնով օգտուիլ Ժամալ Խաշըքճիի թղթածրարէն եւ այդ առումով կարեւոր բանակցութիւններ վարել մէկ կողմէն՝ Միացեալ Նահանգներուն եւ միւս կողմէն Սէուտական Արաբիոյ հետ:

Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ Էրտողան պիտի փորձէ ամէն գնով պահպանել Սէուտական Արաբիոյ հետ իր «ջերմ» յարաբերութիւնները, սակայն առիթը պիտի չփախցնէ Ուաշինկթընի հետ գտնելու հասարակ յայտարար մը, որուն հիմքով ալ Էրտողան պիտի փորձէ աշխարհին բացատրել, որ ինքն է իսլամական աշխարհի գլխաւոր առաջնորդը:

Գալով սէուտական կողմին, ըստ սէուտցի կարգ մը վերլուծաբաններու, գահաժառանգ Մուհամմատ իշխանի համար շատ կարեւոր կը համարուի Էրտողանի կողմէ յառաջիկայ օրերուն հնչելիք տեսակէտները՝ կապուած Խաշըքճիի: Սալման նաեւ իր նեղ շրջանակի գործակիցներուն յայտնած է, որ շատ բան կախեալ է Թուրքիայէն եւ Անգարա կրնայ այս հարցը «լուծել»:

Յիշեցնենք, որ Խաշքճիի անհետացումէն ետք աննախադէպ զարգացումներ տեղի ունեցան Ուաշինկթըն-Անգարա գիծին վրայ եւ ամերիկացի մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուներ դրական շեշտերով խօսեցան Անգարային վստահուած դերերուն մասին, մինչ նախագահ Տանըլտ Թրամբ ծանր մեղադրանքներ եւ քննադատութիւններ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ արքունիքին: