image

Բուռն վէճ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նիստին. Պատճառը Խաշըքճին է

Բուռն վէճ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նիստին. Պատճառը Խաշըքճին է

Երէկ ՄԱԿ-ի ապահովութեան նիստի վերջին օրակարգին ընթացքին, բուռն վէճ մը ծագած է Ապահովութեան խորհուրդի մօտ Սէուտական Արաբիոյ եւ Սուրիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ AFP լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ մինչ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչ Ապտալլա Ալ-Մուալլէմ խօսք առնելով յայտարարած է, որ իր երկիրը պատրաստ է ամէն գնով օգնել Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման, անդին Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչ Պաշշար Ալ-Ճաաֆարի խօսք առնելով, յայտարարած է,  որ աւելի լաւ կ'ըլլայ եթէ Սէուտական Արաբիան երբեք միջամուխ չդառնայ այլ երկիրներու ներքին հարցերուն:

 Ճաաֆարի բառացիօրէն ըսած է. «Երկիր մը, որ անարգ ձեւով կը սպաննէ իր քաղաքացի լրագրողը, իրաւունք չունի այլ երկիրներու հարցերուն միջամուխ դառնալու», -ակնարկելով Ժամալ Խաշըքճիին, որ 10 օր առաջ անհետացած էր Պոլսոյ մէջ գտնուող Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան մուտք գործելէն ետք:

Ճաաֆարիի խօսքէն անմիջապէս ետք, Սէուտական  Արաբիոյ ներկայացուցիչը բուռն պատասխանով հանդէս եկած է, ըսելով, որ Սուրիոյ տագնապին գլխաւոր պատճառը իշխանութիւններն են, որոնք փանտարկած եւ լռութեան մատնած են հարիւրաւոր լրագրողներ:

Յիշեցնենք, որ մէկէ աւելի առումներով Պաշշար Ճաաֆարիի բարձրացուցած թեման քննարկման եւ վէճի նիւթ կը դառնայ տարբեր երկիրներու միջեւ: