
Սէուտցի յայտնի լրագրող ժամալ Խաշըքճիի նշանածը՝ Խատիճա, յօդուած մը հրապարակաղ է «Washington post» թերթին մէջ:
Խատիճա յայտնած է, որ ինք եւ iր նշանածը կը պատրաստուէին ամուսնանալ եւ Ժամալ Խաշըքճիի Պոլիս գտնուելու գլխաւոր պատճառն էր, որոշ կարգադրութիւններ կատարել՝ իրականացնելու համար անոնց ամուսնութիւնը:
Խատիճա նաեւ կը նշէ, որ տարբեր զրոյցներու ըթացքին Խաշըքճի իրեն ըսած է, որ ինք կը փափաքի ապրիլ Միացեալ նահանգներու մէջ, ըսելով, որ «Միացեալ նահանգները հզօր երկիր է եւ հոն ապրողը կրնայ զգալ եւ գիտնալ աշխարհի քաղաքական քարտէզին վերջին զարգացումները»:
Յիշեցնենք, որ անցեալ երեքշաբթի օրուընէ ի վեր Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանը մուտք գործած Խաշըքճի կը շարունակէ մնալ անհետացած եւ անոր ճակատագրին մասին մինչեւ այս պահը յստակ տեղեկութիւններ չկան:
Կարգ մը աղբիւրներ կը խօսին, որ Ժամալ Խաշըքճի սպաննուած է հիւպատոսարան գտնուած պահուն, իսկ այլ աղբիւրներու համաձայն, անյայտ համարանիշներով ինքնաշարժ մը հիւպատոսարան գալով Խաշըքճին տարած է դէպի անյայտ ուղղութիւն մը:
Նշենք նաեւ, որ մէկ կողմէ Սէուտական Արաբիոյ եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ եւ Միացեալ նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները կրնան վատթարացում ապրիլ եթէ Խաշըքճիի ճակատագիրը շարունակէ մնալ անյայտ:



















