image

Տէր Զօր. Կը շարունակուին թէժ մարտերը

Տէր Զօր. Կը շարունակուին թէժ մարտերը

Տէր Զօրի մէջ 4-րդ օրն է, որ կը շարունակուի Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու թէժ պայքարը «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Կայքին փոխանցմամբ, Դեմոկրատական ուժերուն իրենց աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն Միջազգային դաշնութեան ուժերը, որոնք կը ղեկավարուին ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Իրաքեան ժողովրդային խմբակցութեան ուժերու կողմէ:

Նշուած է, որ Դեմոկրատական ուժերու կողմէ յայտարարուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մը մասնակցին մօտ 6000 զինեալներ: Իրաքեան ժողովրդային խմբակցութեան ուժերուն վստահուած է սահմանի պահպանումը, արգիլելու համար ահաբեկիչներու մուտքը իրաքեան հողեր:

Իր հերթին «Իսլամական Պետութիւն»ը կը փորձէ դիմադրել իր դէմ ուղղուած հարուածները, հրթիռներով եւ ականուած ինքնաշարժներով հակայարձակումներ իրականացնելու միջոցով:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, թէժ պայքարի արդիւնքով տասնեակ զինեալներ զոհուած եւ վիրաւորուած են, շատեր՝ գերեվարուած: