image

Միջազգային դատարանի դատախազը անուղղակիօրէն մեղադրած է Նասրալլայի օգնականը

Միջազգային դատարանի դատախազը անուղղակիօրէն մեղադրած է Նասրալլայի օգնականը

Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործով Լահայի մէջ կայացող դատական եզրափակիչ նիստերու երրորդ օրը մեղադրական ճառով հանդէս եկած դատախազը անուղղակիօրէն մեղադրած է Նասրալլայի օգնական Հուսէյն Խալիլը, դատարանին կողմէ որպէզ ամբաստանեալ ներգրաւուած չորս անձերուն հետ Հարիրիի սպանութիւնը կազմակերպելու մէջ:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, երբ դատաւորը դատախազին հարցուցած է. «Խալի՞լ էր կապը», վերջինս պատասխանած է. «Այո՛»: