image

Սուրիոյ օդուժը մեծ վնասնե՞ր կրած է

Սուրիոյ օդուժը մեծ վնասնե՞ր կրած է

ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ զգուշացուած է Իտլիպի ազատագրման մարտերու ժամանակ քիմիական զէնք կիրառելէ:

Պաշտմանութեան նախարարութենէն ներս լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Մաթիս շեշտած է, որ իրենք Իտլիպի մէջ մօտիկէն կը հետեւին Ասատի կառավարութեան եւ դաշնակից ռուսական ու իրանեան ուժերու քայլերուն:

 
Անդրադառնալով 2017 թուականի ապրիլին ամերիկեան ուժերու իրագործած օդային յարձակման Սուրիոյ օդային ռազմակայանին դէմ, Մաթիս պնդած է, որ Ասատի օդուժը շատ մեծ վնասներ կրեց այդ յարձակման հետեւանքով, աւելցնելով, որ առաջին յարձակումը պատճառ դարձաւ Սուրիոյ կործանիչներու 17%-ի ոչնչացման: