image
Հրատապ լուրեր:

Գերմանիա կ՛ուսումնասիրէ Սուրիոյ մէջ ուժեր տեղադրելու հանգամանքը

Գերմանիա կ՛ուսումնասիրէ Սուրիոյ մէջ ուժեր տեղադրելու հանգամանքը

Գերմանիոյ կառավարութեան պաշտօնական խօսնակ Շթիւըն Զայպրթ յայտնած է, որ իր երկիրը դաշնակից երկիրներու հետ կը քննարկէ Սուրիոյ մէջ ուժեր տեղադրելու հարցը, եթէ վերջինս Իտլիպի մէջ քիմիական զէնք կիրառէ, միաժամանակ շեշտելով, որ գերմանական ուժեր տեղադրելու գաղափարը տակաւին քննարկման ենթակայ է:


«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Զայպրթ նշած է, թէ քննարկումները կ՛իրականացուին ԱՄՆ-ի եւ եւրոպական երկիրներու հետ, սակայն մինչեւ այս պահը որոշում կայացնելու անհրաժեշտութիւն չէ առաջացած:
Զայպրթ շեշտած է նաեւ, որ կառավարութեան կողմէ կայացման ենթակայ իւրաքանչիւր որոշում անպայմանօրէն պէտք է համաձայնեցուի խորհրդարանի հետ: