image

Աշուրայի տօնին խուսափիլ տեղաշարժէ... ԱՄՆ դեսպանութեան կոչը իր քաղաքացիներուն

Աշուրայի տօնին խուսափիլ տեղաշարժէ... ԱՄՆ դեսպանութեան կոչը իր քաղաքացիներուն

Իրաքի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը անվտանգութեան վերաբերեալ նոր զգուշացմամբ հանդէս եկած է, ուղղուած Պասրայի իր հիւպատոսարանի աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ Իրաք գտնուող ամերիկացիներուն:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, դեսպանութիւնը իր պաշտօնական կայքէջին հրապարակած յայտարարութեան մէջ զգուշացուցած է Իրաք գտնուող ամերիկացիները Աշուրայի տօնին օրերուն, այսինքն՝ 18-21 սեպտեմբերին հնարաւորինս խուսափիլ քաղաքներու փողոցներուն մէջ տեղաշարժէ, նկատի ունենալով, որ այդ օրերուն փողոցներու մեծ մասը մարդոցմով խճողուելու հետեւանքով կը փակուի:

Դեսպանութիւնը միաժամանակ դիտել տուած է, որ Պասրայի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերը պատճառ դարձած են թէ' ցուցարարներու, թէ' անվտանգութեան ուժերու ներկայացուցիչներու մահուան, հետեւաբար կոչ ուղղած է ամերիկացի պաշտօնեաներուն ցոյցերու կազմակերպման վայրերը գտնուելէ: