image

Իրաքցի պատգամաւորներ արեւմտեան երկիրներու կողմէ սպառնալիքներ ստացած են. Մուհանտես

Իրաքցի պատգամաւորներ արեւմտեան երկիրներու կողմէ սպառնալիքներ ստացած են. Մուհանտես

Իրաքեան շիիթ համայնքի Ժողովրդային զօրախումբի հրամանատար Ապու Մահտի Մուհանտես յայտնած է, որ կառավարութեան անյաջող ընթացքն ակնյայտ է, եւ իրենք կը պատրաստուին Պասրայի մէջ գործող ԱՄՆ հիւպատոսութեան դերին մասին յստակ տեղեկութիւններ փոխանցել, միաժամանակ կոչ ուղղելով կառավարութեան դիրքորոշում ճշդել Միջազգային դաշնութեան ուժերուն նկատմամբ:

«Ալ Մայատին» լրատուական կայքին համաձայն, Մուհանտես շեշտած է, որ Ժողովրդային զօրախումբը առիթ պիտի չտայ ռազմական յեղափոխութեան, եւ ոչ ալ ներքին քաղաքացիական պատերազմի բռնկման, կոչ ուղղելով կառավարութեան իր որոշումներու պատասխանատուութիւնը կրելու:

Ապու Մահտիի պնդմամբ, ներկայիս իրաքեան խորհրդարանի պատգամաւորները ԱՄՆ-ի, Բրիտանիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ սպառնալիքներու եւ ճնշման կ՛ենթարկուին:

Ապու Մահտի նաեւ կարծիք յայտնած է, թէ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ Իրաքին աջակցող միակ երկիրը Իրանն էր, մինչդեռ Միջազգային դաշնութեան ուժերը հովանաւորող ԱՄՆ ոչ մէկ նկատելի աջակցութիւն ցուցաբերած է: