image
Հրատապ լուրեր:

Կարեւոր զարգացում. Սպանիա հրաժարած է Սէուտական Արաբիոյ վաճառուելիք 400 հրթիռի գործարքէն

Կարեւոր զարգացում. Սպանիա հրաժարած է Սէուտական Արաբիոյ վաճառուելիք 400  հրթիռի գործարքէն

Սպանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ չեղեալ յայտարարած է Հուսիներու դէմ պայքար մղող Սէուտական Արաբիոյ հետ 2015 թուականին կնքուած համաձայնագիրը, ըստ որուն Սպանիա կը պարտաւորուի 400 լազերային ռումբ վաճառել Սէուտական Արաբիոյ:

«Ֆրանսբրէս» լրատուական կայքին համաձայն, նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ Սպանիոյ նախկին կառավարութեան օրօք ստորագրուած համաձայնագիրին հիման վրայ Սէուտական Արաբիայէն ստացուած 9,2 միլիոն եւրօն վերջինիս պիտի վերադարձուի:

Սպանիոյ սոյն որոշման առիթ հանդիսացած է Սէուտական Արաբիոյ կողմէ անցնող ամսուայ ընթացքին իրականացուած օդային յարձակումը, որուն ընթացքին տասնեակ անզէն քաղաքացիներու շարքին 40 երեխայ մահացած էր:

Միջազգային համաներման կազմակերպութեան տուեալներով, Սպանիա Սէուտական Արաբիոյ զինամթերքի գլխաւոր մատակարարողն է: