image
Հրատապ լուրեր:

Թուիթըրեան բուռն յարձակում «Հըզպալլա»ի դէմ

Թուիթըրեան բուռն յարձակում «Հըզպալլա»ի դէմ

«Թուիթըր» ընկերային կայքի էջերուն երէկ առտուընէ յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւեն «Հըզպալլա»ի վերաբերեալ գրառումները:

«Ալ Ժատիտ» կայքին համաձայն, գրառումները գլխաւորաբար կը վերաբերին Եմէնի պատերազմին ու «Հըզպալլա»ի եւ Իրանի կողմէ Հուսիներուն ցուցաբերուող աջակցութեան:


Գրառումներուն մէջ տեղ գտած է նաեւ «Հըզպալլա»ի անդամ Թարէք Հայտարի զոհուելու լուրը: Որոշ օգտատէրերու պնդմամբ, վերջինս Եմէնի մէջ զոհուած է: Այդ կարծիքը յայտնած են մասնաւորապէս Արաբական Ծոցի երկիրներու բնակիչներ: Նշենք, որ ուրիշներ նշած են, թէ Հայտար զոհուած է Սուրիոյ Սուէյտա քաղաքին մէջ: